image

Աթէնքէն արձագանգ. Թուրքիան կը խաթարէ շրջանային կայունութիւնը

Աթէնքէն արձագանգ. Թուրքիան կը խաթարէ շրջանային կայունութիւնը

Թուրքիան լարուածութիւն կը հրահրէ եւ կը խաթարէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը Աթէնքի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Քոլոննայի հետ հանդիպման ժամանակ, գրած է «Kathimerini»-ն։

Միցոթաքիսը Քոլոննային տեղեկացուցած է Յունաստանի ինքնիշխանութեան դէմ Թուրքիոյ վերջին յարձակողական հռետորաբանութեան մասին:

Ան նշած է նաեւ այն զգալի ներուժը, որ Յունաստանը կը ներկայացնէ որպէս ԵՄ ուժանիւթի անվտանգութեան ռազմավարական հանգոյց։ Վարչապետը Ֆրանսայի նախարարին ներկայացուցած է նաեւ ուժանիւթի ճգնաժամի դէմ պայքարի համար կառավարութեան ձեռնարկած միջոցառումները՝ վերահաստատելով իր համոզմունքը, որ այս լայն մարտահրաւէրը կը պահանջէ Եւրոպայի կողմէ համակարգուած արձագանգ։

Կողմերը քննարկած են նաեւ Ուքրանիոյ վերջին իրադարձութիւնները։

Քոլոննան նշած է, որ Փարիզը պիտի շարունակէ աջակցիլ Աթէնքին, երբ խօսքը վերաբերի Յունաստանի ինքնիշխանութեան, ըսելով, որ այդ դիրքորոշումը «չի փոխուիր»:

Այցի շրջածիրէն ներս Քոլոննան հանդիպած է նաեւ իր յոյն գործընկեր Նիքոս Տենտիասի հետ։ Յոյն նախարարը, խօսելով Յունաստանի դէմ Թուրքիոյ վերջին սպառնալիքներու մասին, նշած է, որ Թուրքիան կ'ուզէ «ետ շրջել ժամանակը եւ վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութիւնը»։

«Մենք կը խօսինք պարզ բառերով։ Թուրքիոյ յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները անընդունելի են։ Մենք չենք վախեար։ Մեր պատմութեան ընթացքին մենք շատ աւելի մեծ սպառնալիքներու հանդիպած ենք։ Մենք կը մերժենք նէոօսմանեան հալածանքները։ Մենք ուշադրութիւն չենք դարձներ այդ զառանցանքին»,- ըսած է ան։

Նշենք, որ մինչ Աթէնք մեկնիլը Ֆրանսայի ԱԳՆ ղեկավարն այցելած է Անգարա։ Այցի ընթացքին ան հանդիպած  է նաեւ իր թուրք գործընկերոջ հետ՝ յորդորելով անոր խուսափիլ Յունաստանի հետ կապուած մագլցումէ՝ թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործով։