image

Ալիեւն ու Ֆիտանը քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր

Ալիեւն ու Ֆիտանը քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր

Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։

Կողմերը անդրադարձած են ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են այլընտրանքային ուժանիւթի ոլորտին մէջ միջազգային շուկաներ մուտք գործելու նոր ուղիներու շուրջ։

Ընդգծուած է երկու երկիրներու կարեւորութիւնը մատակարարման առումով, ներառեալ՝ անոնց դերը իբրեւ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ հիմնական կամուրջ, եւ կարեւոր նկատուած է միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ գործունէութեան համակարգումը։

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են երկկողմ յարաբերութիւններու հեռանկարներուն, տարածաշրջանային հարցերուն եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ խնդիրներու շուրջ։