Հայաստանը բնակչութեան կանանց մասնաբաժնով բացարձակ առաջատար է աշխարհի մէջ։
Հայաստանի մէջ կանանց թիւը կը գերազանցէ բնակչութեան 55 տոկոսը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթին»`յղում ընելով Համաշխարհային դրամատան վիճակագրական տուեալներուն։
Երկրորդ տեղը կը զբաղցնէ Ուքրանիան, ուր կանայք կը կազմեն բնակչութեան 54,8 տոկոսը, երրորդ տեղը` Պելառուսիան (կանանց մասնաբաժինը` 53,96 տոկոս)։
Վարկանիշի ստորին հորիզոնականները կը զբաղցնեն Պարսից ծոցի երկիրները։ Կանանց բնակչութեան ամենացած թիւը Քաթարի մէջ է (27,49%), քիչ մը աաելի բարձր`Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ (30,65%):
Ընդհանուր առմամբ աշխարհի մէջ կանանց ամենամեծ թիւը բաժին կ՚իյնայ Խորհրդային Միութեան երկիրներուն, իսկ տղամարդոց թիւը`Պարսից ծոցի երկիրներուն։
Միջազգային ֆինանսական կազմակերպութեան վիճակագրութիւնը կը հաշուարկէ մի քանի տարուան կտրուածքով։ Ներկայացուածը կը վերաբերի 2022 թուականի վերջի դրութեամբ գրանցուած տուեալներուն։