image

Արսէն Մարտիրոսեանը Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր

Արսէն Մարտիրոսեանը  Եւրոպայի  պրոնզէ մետալակիր

Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ՝ Արսէն Մարտիրոսեան դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր:

Ալպանիոյ մէջ ընթացող Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ 109 քկ. քաշային կարգին մէջ հանդէս եկող Արսէն Մարտիրոսեան պոկում վարժութեան մէջ միայն մէկ յաջող փորձով բարձրացուցած է 170 քկ., իսկ հրում վարժութեան մէջ Մարտիրոսեան գլխավերեւ պահած է միայն 201 քկ., չկարողանալով բարձրացնել 210 քկ.: Երկամարտի 371 քկ. արդիւնքով Արսէն Մարտիրոսեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:

Աւելի վաղ, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկէ մետալ նուաճած էր Ռաֆիկ Յարութիւնեան, իսկ Անդրանիկ Կարապետեան դարձած էր պոկում վարժութեան արծաթէ մետալակիր, Տաթեւ Յակոբեանն ալ փոքր պրոնզէ մետալ նուաճած է: 96 քկ. քաշին մէջ ծանրորդ՝ Դաւիթ Յովհաննիսեան  դարձած է Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Արա Աղանեան` փոխ ախոյեան: 102 քկ. քաշային Սամուէլ Գասպարեան բաւարարուած է միայն արծաթէ մետալով: