Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ ցուցաբերուող Արեւմուտքի աջակցութեան պատճառով յատուկ ռազմական գործողութիւնը վերածուած է իսկական պատերազմի։ Այդ կարծիքը ան յայտնած է aif.ru- ին հետ հարցազրոյցի ժամանակ:
Քրեմլի խօսնակը պարզաբանած է, որ Ռուսիան սկիզբը կ՚իրականացնէր յատուկ ռազմական գործողութիւն։ Սակայն իրավիճակը փոխուած է, երբ արեւմտեան երկիրները սկսած են աշխուժ եւ բացայայտ աջակցիլ Ուքրանիոյ։
Փեսքովի խօսքով՝ Ռուսիան կը գործէ՝ ելլելով իր շահերէն՝ պաշտպանել սեփական տարածքը։ Ան յիշեցուցած է, որ Ռուսիան չորս նոր շրջան ներառած է, եւ հարեւան Ուքրանիոյ ռազմական ներուժը պէտք չէ սպառնայ այնտեղի բնակիչներու անվտանգութեան:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը նախընտրական շտաբէն ներս իր համախոհներու հետ հանդիպման ժամանակ քննարկած էր Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ հնարաւոր հակամարտութիւնը: Ան նշած էր, որ ժամանակակից աշխարհի մէջ ամէն ինչ հնարաւոր է: