image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ ստուգումներ կը կատարեն նաեւ տեղի ոստիկանները

Արցախի մէջ ստուգումներ կը կատարեն   նաեւ  տեղի ոստիկանները

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները ջղագրգռութիւն բարձրացուցած են այն առնչութեամբ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական բեռներով ատրպէյճանական երկու շարասիւներու տարանցման ժամանակ բեռնատարները ռուս խաղաղապահներէն բացի ստուգած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ոստիկանութեան աշխատակիցը:

Ինչպէս կը գրէ Minval.az-ը, սա «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան,  ինքնիշխանութեան,  2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում է»:

Լրատուամիջոցը չէ բացառած, որ սա կրնայ ռուսական եւ արցախեան կողմերու «պայմանաւորուածութեան» արդիւնք ըլլալ:

Ռուսաստանի ռազմական ոստիկանութիւնը Մատաղիս-Գետաւան-Վանք երթուղիի երկայնքով եւ հակառակ ուղղութեամբ ուղեկցած է մօտ 20 ինքնաշարժներէ բաղկացած շարասիւն` շինանիւթով եւ սննդամթերքով:

Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչ Միխայիլ Քիրիլենքօն պատմած է, որ երթուղին կ'անցնի լեռնային տեղանքով, ինչ որ կը պահանջէ փոխադրամիջոցներու վարորդներու եւ ուղեկցող անձնակազմի մեծ ուշադրութիւնը: Երթուղիին երկարութիւնը 42 քիլոմեթր է: