Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները ջղագրգռութիւն բարձրացուցած են այն առնչութեամբ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական բեռներով ատրպէյճանական երկու շարասիւներու տարանցման ժամանակ բեռնատարները ռուս խաղաղապահներէն բացի ստուգած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ոստիկանութեան աշխատակիցը:
Ինչպէս կը գրէ Minval.az-ը, սա «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեան կոպտագոյն խախտում է»:
Լրատուամիջոցը չէ բացառած, որ սա կրնայ ռուսական եւ արցախեան կողմերու «պայմանաւորուածութեան» արդիւնք ըլլալ:
Ռուսաստանի ռազմական ոստիկանութիւնը Մատաղիս-Գետաւան-Վանք երթուղիի երկայնքով եւ հակառակ ուղղութեամբ ուղեկցած է մօտ 20 ինքնաշարժներէ բաղկացած շարասիւն` շինանիւթով եւ սննդամթերքով:
Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչ Միխայիլ Քիրիլենքօն պատմած է, որ երթուղին կ'անցնի լեռնային տեղանքով, ինչ որ կը պահանջէ փոխադրամիջոցներու վարորդներու եւ ուղեկցող անձնակազմի մեծ ուշադրութիւնը: Երթուղիին երկարութիւնը 42 քիլոմեթր է: