Այս մասին կը յայտնեն Genesis Armenia ուղեղային կեդրոնէն։
Genesis Armenia ուղեղային կեդրոն/հիմնադրամի ռшզմшվшրшկան նշանակութեան նոր նախագիծը այսպիսով իրականութիւն դարձաւ։
Կարօ Կարապետեանի անուան կեդրոնը, որ զինուшծ է արհեստավարժ ուսումնառութեան համար անհրաժեշտ արհեստագիտութեամբ ու գոյքով, տեղակայուած է Արցախի պետական համալսարանի շէնքին մէջ։ Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է Կարօ Կարապետեանի տիկնոջ՝ Վարդուկ Կարապետեանի եւ զաւակներուն ու Genesis Armenia-ի ջանքերով։
Կեդրոնին մէջ առաջին փուլով մէկ տասնեակէ աւելի արցախցի երիտասարդներ անվճար ատրպէյճաներէն պիտի սորվին եւ Ատրպէյճանը պիտի ուսումնասիրեն։ Ծրագրին նպատակն է պատրաստել կրթուած, իր ազգային-պետական շահերն ու թշնшմին լաւ ճանչցող սերունդ։
Genesis Armenia-ի քաղաքականութեան հիմքին հայկական զոյգ պետութիւններու ռшզմшքшղшքական եւ անվտшնգային մшրտшհրшւէրները յաղթահարելու նպատակներն են։ Կեդրոնը այս քաղաքականութեան ծիրին մէջ պիտի պատրաստէ ատրպէյճաներէնի մասնագէտներու, որոնք կը կարենան իրենց հմտութիւնները գործածել թուրք-ատրպէյճանական տանդեմէն եկող տեղեկատուական, քարոզչական եւ անվտшնգային uպшռնшլիքներու չէզոքացման գործին մէջ: