Ատրպէյճանական կողմը կրկին անգամ ամբողջութեամբ արգելափակած է Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակը։ Այս մասին յայտնած են Արցախի տեղեկատուական շտաբէն։
Արցախի մէջ (-5) ջերմաստիճանի պայմաններուն բնական կազի՝ վերջին օրերուն արդէն քանիերորդ անգամ անջատումը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ պաշտօնական Պաքուն Արցախի 120 հազար շրջափակման մէջ գտնուող խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, միջազգային հանրութեան թողտւութեան պայմաններուն, կը վարէ բացայայտ ահաբեկչական քաղաքականութիւն։
Նշենք, որ աւելի վաղ՝ 9 յունուարին, ատրպէյճանական կողմի միջամտութեամբ խափանուած է նաեւ Գորիս-Ստեփանակերտ 110 քիլօուաթ բարձրավոլթ միակ գիծը՝ Արցախի բնակիչները զրկելով նաեւ ելեկտրական հոսանքի կայուն մատակարարման հնարաւորութիւնէն։
Եղանակային առկայ պայմաններուն ելեկտրականութեան մատակարարումը կ'իրականացուի Արցախի ներքին սահմանափակ միջոցներով՝ օրական արդէն 6 ժամ տեւողութեամբ հովհարային անջատումներով, ինչ որ շարունակաբար աճելու միտում ունի։