Խումբ մը արցախցիներ հաւաքուած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ՝ պահանջելով դեսպանի հետ հանդիպում։
Լրագրողներու հետ զրոյցին անոնք ըսին, որ Ֆրանսայի Հանրապետութենէն մարդասիրական ապաստան կը խնդրեն։
Դեռ 2020-ին տեղահանուած արցախցիներէն մէկը ըսած է, որ իրենք նախապէս ալ եղած են դեսպանատան առաջ, հանդիպած են դեսպանին։ «Մեզ վստահեցրել են, որ Արցախի հարցը ռազմական լուծում չի ունենալու, չունի, եւ հիմա, թէկուզ ասում են Արցախի հարցը փակուած չէ, բայց ստացւում է, որ լուծուել է ռազմական ճանապարհով», -ըսած է արշաւի մասնակիցներէն մէկը։
Ան նշած է, որ մեծ թուով արցախցիներու արտագաղթ սկսած է, հիմնական՝ Ռուսիոյ Դաշնութիւն։
Արցախ վերադառնալու համար ռուսներու վրայ յոյս դնել, ըսած է, որ չեն կրնար, տեսած են արդիւնքը, միջազգային խաղաղարար ուժերու տեղակայումն ալ, ըստ անոր, արդէն բանակցային հարց է։