Երկրի արեւելեան սահմանները լիովին անվտանգ են, մենք մշտապէս կը հետեւինք սիոնիստներու տեղաշարժերուն: Այս մասին յայտնած է Իրանի բանակի ցամաքային զօրքերու հրամանատար, զօրավար Քիւմարս Հէյտարին:
«Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ հիւսիսարեւմտեան կարեւոր եւ ռազմավարական շրջանէն Գլխաւոր հրամանատարի հրահանգով` տեղեկութիւն ստացած ենք այն մասին, որ անօրինական սիոնիստական ռեժիմը ներկայ է հակամարտութեան մասնակից երկիրներէն մէկուն մէջ եւ մտադիր է փոխել տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը: Մենք յայտարարած ենք երկու կարեւոր եւ ռազմավարական պայմանի մասին. առաջին, մենք թոյլ չենք տար փոխել տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ երկրորդ, սիոնիստական ռեժիմը պէտք է հեռանայ տարածաշրջանէն, եւ այդ երկու պայմանները կատարուած են, իսկ մենք կը շարունակենք հետեւել սիոնիստներու տեղաշարժերուն», ըսած է ան: