image
Հրատապ լուրեր:

Արամ Արք. Աթէշեան այցելեց իր ծննդավայրը՝ Տիարպէքիր

Արամ Արք. Աթէշեան այցելեց իր ծննդավայրը՝ Տիարպէքիր

Օրերս, Պոլսոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելած է իր ծննդավայրը՝ Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ) Սիլվան գիւղաւանը, ուր այցելութիւններ տուած է նաեւ պաշտօնական մարմիններուն եւ հանդիպումներ ունեցած՝ գաւառապետի ու Սիլվանի քաղաքապետին հետ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելեց իր ծննդավայրը՝ Տիյարպաքըրի (Տիգրանակերտ) Սիլվան գիւղաւանը։ Այցելութիւնը առիթ ստեղծեց որ Սրբազանը այցելէ նաեւ պաշտօնական մարմիններուն եւ հանդիպումներ ունենայ գաւառապետի ու Սիլվանի քաղաքապետին հետ։

Աթէշեան Սրբազան, բացի պաշտօնական դէմքերու հետ հանդիպումներէն, այցելեց նաեւ Մալապատիի պատմական կամուրջ եւ Հասունի քարանձաւներ, հարցազրոյց տուաւ Անատոլու գործակալութեան թղթակցին, պատմեց որ մինչեւ 4 տարեկան ապրած է Սիլվանի մէջ, յետոյ ընտանիքը տեղափոխուած է Տիյարպաքըր։ «Ես Սիլվան կ'այցելեմ, որովհետեւ ծննդավայր հողս կը կանչէ զիս», նշեց Սրբազանը։

Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց նաեւ որ տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան համար պարտական են երկրի իշխանութիւններուն։ «Տպաւորութիւն կայ որ աշխարհը կը պատրաստուի համաշխարհային նոր պատերազմի։ Իսրայէլ եւ իրան, Ռուսաստան եւ Ուքրանիա հակամարտութիւններու մէջ են, բարեբախտաբար այստեղ՝ Թուրքիոյ մէջ խաղաղ վիճակ կը տիրէ», ըսաւ Սրբազանը ու սապէս եզրակացուց իր խօսքերը. «Մինչ օրական հազարաւոր մարդիկ կը մեռնին ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով, մենք այստեղ՝ խաղաղութեան մէջ ենք, հակամարտութիւններուն վերջ տալու համար պէտք է աշխուժացնել միջնորդական ջանքերը, հաշտութիւն ապահովելով ո՛չ միայն Իսրայէլի ու Պաղեստինի, այլ նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ»։