image

Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցութեամբ ԱՄԷ-ի մէջ Լիբանանի դեսպանը այցելեց Անթիլիաս

   Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցութեամբ ԱՄԷ-ի մէջ Լիբանանի դեսպանը այցելեց Անթիլիաս

 Օրերս  Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպանը, ընկերակցութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանին այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նստավայր՝ Անթիլիաս։ Այս մասին կը կարդանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Այս առաւօտ՝ Ուրբաթ, 1 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց (Ա.Մ.Է.) մօտ Լիբանանի դեսպանին՝ Ֆուատ Շըհապ Տանտանին այցելութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ա.Մ.Է. եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան։

Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցան Ա.Մ.Է. մէջ հաստատուած հայ համայնքին առնչուած հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց առաջնորդ սրբազանին եւ դեսպանին միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ սրբազան հօր ունեցած կապերը այլ համայնքներուն եւ պետական շրջանակներուն հետ։ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց դեսպան Տանտանին՝ հոն հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած նախանձախնդրութեան ու աջակցութեան համար։