Այսօր Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովը իսկապէս պատմական է։ Պատմական է, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ Եւրոպական քաղաքական համայնքը կը հանդիպի այստեղ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ՝ Հայաստանը դնելով Եւրոպայի սրտին մէջ, ճիշդ այնտեղ, որտեղ Հայաստանը կը պատկանի՝ նկատի ունենալով անոր հինաւուրց պատմութիւնը։ Այս մասին Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս՝ իր ելոյթի ընթացքին, ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթան։
«Սա պատմական է, որովհետեւ այսօրուան գագաթնաժողովը կարելի եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած համաձայնութեան շնորհիւ՝ համաձայնութիւն մը, որ խաղաղութեան պատմութիւն է Եւրոպայի համար Եւրոպայի մէջ, որ պէտք է տօնուի այնպիսի աշխարհի մէջ, ուր պատերազմները կարծս կը գերակայեն։
Այս համաձայնագրի շնորհիւ է, որ բարելաւուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները, եւ ասոր շնորհիւ է, որ այս տարածաշրջանը անցած է փոխակերպման ուղին»,- ըսած է ապ։
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը այս պարունակին մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է դառնալու վստահելի գործընկեր՝ ապահովելով պահի, խաղաղութեան, հնարաւորութիւններու եւ բարգաւաճման անդառնալիութիւնը։
«Կենսական նշանակութիւն ունի ամրապնդել Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը, պայքարիլ արտաքին ազդեցութիւններու եւ ապատեղեկատւութեան դէմ։ Հայաստանի ժողովրդավարութեան ապագան միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն ձեռքն է»,- ըսած է ան։
Անթոնիու Քոշթան նշած է նաեւ մէկ այլ պատճառ, թէ ինչու այս գագաթնաժողովը պատմական է։ Ըստ անոր՝ առաջին անգամն է, որ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին հրաւիրուած է ոչ եւրոպացի գործընկեր, այն է՝ Գանատայի վարչապետը։