Նախագահ Տանըլտ Թրամփ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները «պիտի վերահսկէ» Կազայի հատուածը, հնարաւոր է՝ ամերիկեան զօրքերու օգնութեամբ, մինչդեռ այնտեղ ապրող պաղեստինցիները պէտք է հեռանան: Յայտարարութիւնը Թրամփ ըրած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ՝ աւելի ուշ նկարագրելով իր տեսլականը տարածքի վերաբերեալ որպէս նոր «Ռիվիերա», գրած է CNN-ը:
«Կազան մեր հսկողութեան տակ պիտի ըլլայ, եւ մենք պատասխանատու պիտի ըլլանք այնտեղ բոլոր վտանգաւոր չպայթած ռումբերու եւ միւս զէնքերու վերացման, տարածքը հարթեցնելու ու աւերուած շէնքերէն ազատելու համար, մենք տնտեսապէս պիտի զարգացնենք տարածքը, պիտի ստեղծենք հազարաւոր աշխատատեղեր»,-ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Եգիպտոսն ու Յորդանանն արդէն մերժած են լրացուցիչ պաղեստինցի փախստականներ ընդունելու գաղափարը:
Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուն Ուաշինկթըն եկած է իր երկրի մէջ առկայ հակասութիւններու ժամանակ՝ պարզելու, թէ որն է Թրամփի դիրքորոշումը Կազայի մէջ հրադադարի յաջորդ փուլին:
Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Տանըլտ Թրամփի գաղափարը «ուշադրութեան արժանի է»: Ան ըսած է, որ Իսրայէլը կեդրոնացած է այն բանի վրայ, որ անկլաւային տարածքն այլեւս վտանգ չներկայացնէ Իսրայէլի համար: Անոր խօսքով՝ Թրամփ «Կազայի համար ուրիշ ապագայ կը տեսնէ»: Նաթանիահուն շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներուն՝ աջակցութեան համար եւ Թրամփն անուանած է «Իսրայէլի լաւագոյն ընկերը Սպիտակ տան մէջ»: