image

Ապու Տապիի մէջ 45 անձ ձերբակալուած՝ թիրախներու նկարահանումը համացանցի տիրոյթին հրապարակելու համար

Ապու Տապիի մէջ 45 անձ ձերբակալուած՝ թիրախներու նկարահանումը համացանցի տիրոյթին հրապարակելու համար

 

Ապու Տապիի մէջ իրաւապահ մարմինները 45 անձ ձերբակալած են՝ ռազմական բախումներու ընթացքին տարբեր թիրախաւորուած վայրեր նկարահանելու եւ այդ տեսանիւթերը ընկերային ցանցերուն մէջ հրապարակելու համար, կը հաղորդէ Khaleej Times-ը։

Նշեալ անձերը մեղադրուած են ոչ ճշգրիտ եւ ապակողմնորոշիչ տեղեկութիւններ տարածելու մէջ, որոնք կրնան բորբոքել հասարակական կարծիքը եւ տարածել չստուգուած լուրեր։

Իշխանութիւնները ընդգծած են, որ նման գործողութիւնները կը խախտեն օրէնքը եւ կրնան բացասաբար ազդել բնակչութեան անվտանգութեան ու կարգուկանոնի ապահովման ուղղուած ընթացիկ գործողութիւններուն վրայ։ Անոնք նաեւ կոչ ըրած են հետեւելու միայն տեղեկութեան պաշտօնական աղբիւրներուն։