image
Հրատապ լուրեր:

Ապտուլլահեան Թեհրանի մէջ «3+3»-ի ձեւաչափով ժողովի հրաւէր կատարած է

Ապտուլլահեան Թեհրանի մէջ «3+3»-ի ձեւաչափով ժողովի հրաւէր կատարած է

Թեհրանի մէջ հանդիպած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօն եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլլահեանը։ Անոնք քննարկած են երկու երկիրներու համագործակցութիւնը երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներով։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Մոսկուային առաջարկած է Թեհրանի մէջ կայացնել Ռուսիոյ Դաշնութեան, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը «3+3» ձեւաչափով։

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ մեկնաբանած դիւանագէտներու հանդիպումը։