image

Անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը. Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւն

Անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը. Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւն

Մենք խորապէս մտահոգ ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացմամբ՝ պարէնի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարումներու շարունակուող շրջափակման հետեւանքով։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ-ի Պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչ Վետանթ Փաթել։

«Միացեալ Նահանգները վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին շարունակաբար կ'աշխատի կողմերու հետ, որպէսզի ապահովէ մարդասիրական օգնութեան առաքումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, եւ մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրային եւ ուղեւորափոխադրումներու համար»,- ըսած է Փաթել։