image

«Անտանելի է դառնում Ռուսաստանի՝ անընդհատ պատճառաբանութիւններ բերելու եւ առարկայական լուծում չտալու մօտեցումը». ԱՀ պետնախարարի արձագանգը՝ Լաւրովին

«Անտանելի է դառնում Ռուսաստանի՝ անընդհատ պատճառաբանութիւններ բերելու եւ առարկայական լուծում չտալու մօտեցումը». ԱՀ պետնախարարի արձագանգը՝ Լաւրովին

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները յայտարարած են եւ կը յայտարարեն, որ անհրաժեշտ է Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւն՝ միջազգային մեխանիզմի շրջածիրէ ներս: Արցախի ժողովուրդը եւս կը հասկնայ, որ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է՝ խօսելու, քննարկելու, մեր իրաւունքները՝ այդ շարքին ինքնորոշման իրաւունքը ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելուն նպաստելու համար:

Այս մասին իր դիմատետրեան էջին գրած է Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսյեանը:

«Բայց Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերի նախարարի երէկուայ յայտարարութիւնից պարզ է դառնում, որ ՀՀ կողմից արդէն որոշուել է այդ երկխօսութեան ընթացքում քննարկման ենթակայ հարցերի շրջանակը, կամ ՀՀ-ն համաձայնուել է Ադրբեջանի կողմից առաջարկուած քննարկման առարկայի հետ:

Հիմա կամ ՀՀ կողմից պէտք է հերքուի այդ հանգամանքը, կամ պէտք է արձանագրենք, որ անասելի չափ իջեցուել է նաեւ Բաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան «նշաձողը»: Սա շատ կարեւոր է, որպէսզի հայ ժողովուրդը, այդ թուում՝ արցախահայութիւնը, հասկանան իրենց հետագայ անելիքները:

Անտանելի է դառնում նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան՝ անընդհատ պատճառաբանութիւններ բերելու եւ ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին այդպէս էլ առարկայական լուծում չտալու մօտեցումը:

Հետաքրքիր է, թէ ինչու ոչինչ չեն խօսում ամէն գնով Բաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան եւ դրանից յետոյ հզօրանալու ու յաղթանակներ արձանագրելու թեզի գաղափարակիրները»,- նշուած է գրառման մէջ: