«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ՀՀ գլխաւոր դատախազի թեկնածու առաջադրած է Նիկոլ Փաշինեանի օգնական Աննա Վարդապետեանը: ԱԺ արտահերթ նիստով Աննա Վարդապետեանը պատասխանած է իր թեկնածութիւնը առաջադրած ուժի ներկայացուցիչներու հարցումներուն, ընդդիմադիր խմբակցութիւնները չեն ներկայացած ԱԺ: Հարցուպատասխանէն եւ ելոյթներէն յետոյ իշխող խմբակցութիւնը փակ քուէարկութեամբ ընտրած է դատախազի միակ թեկնածուն: Հաշուիչ յանձնաժողովը յայտնեց, որ Աննա Վարդապետեանը ընտրուած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ 70 կողմ , 0 դէմ ձայնով:
Աննա Վարդապետեանը գլխաւոր դատախազի լիազօրութիւնները պիտի ստանձնէ Սեպտեմբեր 15–ին, երբ կը դադրի գործող գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի պաշտօնավարման ժամկէտը: