Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Իսրայէլը պիտի շարունակէ պայքարիլ «Համաս»-ի դէմ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ Միացեալ Նահանգները մեծցնէ ճնշումը Կազայի հատուածի Ռաֆահ քաղաքի վրայ իսրայէլեան բանակի յարձակման առնչութեամբ: Ան այս յայտարարութիւնն ըրած է ԱՄՆ ռազմական օգնութեան մատակարարումներու դադրեցման լոսին տակ։
Այս մասին յայտնած է Al Jazeera հեռուստաալիքը։
Նաթանիահուն նշած է, որ Իսրայէլը, որ մեծապէս կախուած է ԱՄՆ-ի զէնքի մատակարարումէն, անհրաժեշտութեան պարագային «կը պայքարի եղունգներով»:
«Եթէ պէտք է առանձին պայքարենք, մինակ պիտի պայքարինք: Ես արդէն ըսեր եմ, որ եթէ ստիպուած ըլլանք, մենք պիտի պայքարինք նոյնիսկ եղունգներով», -ըսած է Նաթանիահուն ազգին ուղղուած տեսաուղերձին մէջ:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Իսրայէլ պետութեան ստեղծումէն ետք ՄԱԿ-ը բեռնարգելք (էմպարկօ) սահմանած է երկրին զէնքի մատակարարման վրայ, սակայն Իսրայէլը, այնուամենայնիւ, յաջողած է անկախութիւն ձեռք բերել 1948 թուականի արաբա-իսրայէլեան պատերազմին։ Իսրայէլի վարչապետը նշած է, որ երկիրը այժմ դարձած է «շատ աւելի ուժեղ»։