image
Հրատապ լուրեր:

Անդրանիկ Մսըրլեանի մահը՝ Լիբանանի մէջ

Անդրանիկ Մսըրլեանի  մահը՝  Լիբանանի մէջ

Լիբանանի մէջ յետ  երկարատեւ հիւանդութեան մահացած է  Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանի նախկին քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանը։

Այս մասին  «Արեւելք»   տեղեկացաւ Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետարանի դիմատետրեան  էջէն։

Աղբիւրը կը նշէ, որ  այս տխուր առթիւ քաղաքապետարանը գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Տիար Մարտիկ  Պօղոսեանի , ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի ողջ  անձնակազմին կը գուժեն մահը  նախկին քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, որ  17 տարիներ  կառավարած է  քաղաքապետարանը։

Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Մըսրլեան  կարեւոր աշխատանքներ տարած է բարեկարգելու համար  հայկական  շրջանը։

Նշենք, որ նոյն  առթիւ ցաւակցագիր մը  յղած է ՀՅԴ Բիւրոն  իր երախտիքը  յայտնելով  Մսըրլեան Դաշնակցական հայու նուիրական գործունէութեան առընթեր։

Հանգուցեալի  յուղարկաւորութիւնն ու թաղման  պաշտամունքը տեղի պիտի ունենան  Պուրճ Համուտի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։