image

ԱՄՆ պիտի սկսի մաքրել Հորմուզի նեղուցը․ Թրամփ

ԱՄՆ պիտի սկսի մաքրել Հորմուզի նեղուցը․ Թրամփ

Միացեալ Նահանգները կը սկսին մաքրել Հորմուզի նեղուցը՝ հոն ազատ նաւարկութիւն ապահովելու համար։ Այս մասին Truth Social-ի իր էջին գրած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։

«Մենք այժմ կը սկսինք Հորմուզի նեղուցի մաքրման գործընթացը՝ որպէս բարիք ամբողջ աշխարհի երկիրներուն, ներառեալ Չինաստանը, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ շատ ուրիշներ»,– գրած է Թրամփ։

ԱՄՆ նախագահը նաեւ նշած է, որ կեղծ լրատուամիջոցները կը տառապին «Թրամփի մոլագարութեան համախտանիշ»-ով եւ կը փորձեն Իրանի վիճակը ներկայացնել աւելի լաւ, քան իրականութեան մէջ է։

«Անոնք կը սիրեն ըսել, որ Իրան կը յաղթէ, երբ իրականութեան մէջ բոլորը գիտեն, որ անիկա կը պարտուի։ Անոնց ռազմածովային ուժերը չկան, անոնց օդուժը գոյութիւն չունի, անոնց հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը գոյութիւն չունի, ռատարները մեռած են, անոնց հրթիռներու եւ անօդաչու սարքերու գործարանները մեծ մասամբ ոչնչացուած են՝ հրթիռներուն եւ անօդաչուներուն հետ միասին, եւ ամենակարեւորը՝ անոնց երկարամեայ առաջնորդները այլեւս մեզ հետ չեն, փառք Ալլահին»,– յայտարարած է Թրամփը։