Ապրիլ 8-ի հրադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցած է ամենամեծ ռազմական բախումներէն մէկը։ Յունիս 2-ի լոյս 3-ի գիշերը Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդը պալիսթիք հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է Պարսից ծոցի հարեւան երկիրներ՝ Քուէյթի եւ Պահրէյնի ուղղութեամբ։ Թեհրանի համաձայն՝ թիրախները տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմական ռազմակայաններն էին, գրած է DW-ն։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը հարուածած են Հորմուզի նեղուցին Քեշմ կղզիին մէջ գտնուող իրանական ռազմական կառոյցը։ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը (CENTCOM) յայտարարած է, որ յաջողած է որսալ քանի մը պալիսթիք հրթիռ եւ անօդաչու թռչող սարք, խոցած է տարածաշրջանի ջուրերուն մէջ օրինական կերպով գտնուող քաղաքացիական նաւերու ուղղութեամբ արձակուած իրանական երեք անօդաչու սարք, եւ հերքած է Պահրէյնի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմածովային ռազմակայանը հարուածելու մասին Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի պնդումները։
Կ՚ենթադրուի, որ վերջին փոխադարձ յարձակումները կապուած են Յունիս 2-ին Խարկ կղզիի մօտ իրականացուած ամերիկեան ռազմական գործողութեան հետ։ Խարկը Իրանի նաւթարտահանման կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն է։ Ամերիկեան զինուած ուժերը յարձակած են դատարկ լցանաւի մը վրայ, որ փորձած է մուտք գործել իրանական նաւահանգիստ՝ անտեսելով ամերիկեան ռազմածովային շրջափակումը եւ նախազգուշացումները։ Լցանաւը շարքէ դուրս եկած է հրթիռային հարուածի հետեւանքով։
Իրանի ռազմական խօսնակը X ընկերային ցանցի էջին վրայ հաստատած է Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան Պահակագունդի պատասխան հարուածները՝ զգուշացնելով, որ Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան դէմ ուղղուած որեւէ սպառնալիք «ծանր հետեւանքներ» պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերուն համար։