image

ԱՄՆ- Իրան տակաւին համաձայնութիւն չկայ

ԱՄՆ- Իրան տակաւին համաձայնութիւն չկայ

Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնութիւններ չկան։ 16 Յունիսին Սինկափուրի մէջ կայացած մամուլի սուլիսին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը։

«Մենք հաւատարիմ ենք երաշխաւորելու, որ Իրանը երբեք միջուկային զէնք ձեռք բերէ <...> այդ կանխելու լաւագոյն միջոցը դիւանագիտութիւնն է, բայց մենք չենք հրաժարիր ոչ մէկ տարբերակէ»,-ըսած է Պլինքըն։

 Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ հաճոյքով կը խօսէր համաձայնութիւններու ձեռքբերման մասին, սակայն «ատոնք չկան»։

«Մենք կը շարունակենք աշխուժօրէն աշխատիլ ատոր վրայ կանոնաւոր հիմունքներով, սա առանձին ուղի է միջուկային ոլորտի մէջ»,- աւելցուցած է Պլինքըն: