51-ամեայ հանրապետական քոնկրեսական Մայք Ճոնսըն՝ Լուիզիանա նահանգէն, կուսակիցներու կողմէ առաջադրուած է ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակի նոր թեկնածու, հաղորդած են ամերիկեան լրատուամիջոցները:
Երէկ երեկոյեան կայացած քուէարկութեան արդիւնքներով՝ Ճոնսընի առաջադրման օգտին ձայն տուած են հանրապետական քոնկրեսականներու մեծ մասը՝ 128-ը: Խօսնակ ընտրուելու համար թեկնածուն պէտք է Ներկայացուցիչներու պալատէն ստանայ առնուազն 217 քուէ: Պալատի 435 տեղերէն 2-ն այս պահուն թափուր են, 221-ը կը զբաղցնեն հանրապետականները, եւ խօսնակ ընտրուելու համար Ճոնսընին հարկ կ՚ըլլայ յաղթահարել ներկուսակցական պառակտումը:
Մինեսոթայէն ընտրուած քոնկրեսական Թոմ Էմերը, որուն հանրապետականները երէկ աւելի վաղ առաջադրած էին Ներկայացուցիչներու տան խօսնակի թեկնածու, որոշած է դուրս գալ ընտրապայքարէն:
Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակի պաշտօնը թափուր է այս ամսուան սկիզբէն, երբ պաշտօնանկ եղաւ Քեւին ՄըքՔարթին: