image

Ամերիկեան զէնքը աւելի ուժեղ է. Forbes-ի անդրադարձը

Ամերիկեան զէնքը աւելի ուժեղ է. Forbes-ի անդրադարձը

Ամերիկեան B-1B Lancer ռազմավարական ռմբակոծիչները կրնան օգտագործուիլ Սեւ եւ Պալթիկ ծովերուն մէջ տեղակայուած ռուսական նաւատորմը ոչնչացնելու համար:

Նման կարծիք յայտնած է Forbes ամսագիրը, որու տուեալներով՝ ամերիկեան ռմբակոծիչները յառաջիկայ տարիներուն պիտի օգտագործուին ԱՄՆ-ի հակառակորդներու ռազմածովային ուժերը վախցնելու նպատակով: Անոր կը նպաստէ այն, որ 2017 թուականին այդ ռմբակոծիչները յարմարեցուած են մինչեւ 24 հականաւային հեռահար հրթիռ կրելուն:

«Զոյգ մը B-1-ը կրնայ 48 LRASM հրթիռ արձակել Ռուսաստանի պալթիկ նաւատորմի ուղղութեամբ: Այդ բաւական է ամբողջ նաւատորմը խորտակելու եւ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան նաւերուն սպառնացող մեծ վտանգը վերացնելու համար», կը գրէ Forbes-ը:

Ըստ աղբիւրին՝ ռուսական ռազմածովային ուժերուն հարուած հասցնելու համար ամերիկեան ռմբակոծիչները կրնան չհատել Ռուսիոյ պետական սահմանը: