Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման առաջնորդը ոչնչացնելու մասին:
Այս մասին նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է իր Truth Social ընկերային ցանցով:
«Զինք կը փնտռէին մեր անվախ մարտիկները։ Անոր թշուառ կեանքն ընդհատուած է «Իսլամական պետութեան» մէկ այլ անդամի հետ՝ Իրաքի կառավարութեան եւ Քիւրտիստանի տարածաշրջանային կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ: Խաղաղութիւն՝ ուժի միջոցաւ»,- գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։
Ահաբեկչական խմբաւորման անդամի ոչնչացման մասին յայտնած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը՝ X-ի մէջ տեղադրելով համապատասխան ռազմական գործողութեան մասին տեսանիւթը: