image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ չի ճանչնար Թայուանի անկախութիւնը. Սալիվան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ չի ճանչնար Թայուանի անկախութիւնը. Սալիվան

Միացեալ Նահանգներ չի ճանչնար Թայուանի անկախութիւնը եւ հաւատարիմ է «մէկ Չինաստան» սկզբունքին։

Այս մասին Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի հետ բանակցութիւններու ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվան, յայտնած է Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը։

«Սալիվան ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է «մէկ Չինաստան» քաղաքականութեան եւ չ'աջակցիր «Թայուանի անկախութիւն», «երկու Չինաստան» կամ «մէկ Չինաստան, մէկ Թայուան» սկզբունքներուն»,- ըսուած է Չինաստանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։