ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն կը շարունակեն խորապէս ներգրաւուած մնալ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերաւարուածներու վերադարձի հարցով։ Պատասխանելով Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ հարցին՝ յայտարարած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել, միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ գործընթացի հետ կապուած նորութիւն չունի։
Զեկուցման ժամանակ լրագրողը շեշտած է, որ արդէն չորս տարի է՝ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ հայ ռազմագերիներ կը պահուին եւ շուրջ մէկ տարի է, Ատրէյճանի կողմէ չհրահրուած յարձակումէն ետք, Պաքուի բանտերուն մէջ կան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ քաղաքական գործիչներ։ Ան նաեւ յղում ըրած է Freedom House-ին՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէ ետք Ղարաբաղի տարածքը աշխարհի ամենաանազատ տարածքն է եւ այդ առումով կը գերազանցէ նոյնիսկ Հիւսիսային Քորէայի, Վենեզուէլայի, Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուելով, թէ արդեօ՞ք Ուաշինկթըն կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին եւ կրնայ ԱՄՆ վարչակազմը օգնել Պաքուի մէջ գերաւարուած հայերու ազատ արձակման։
«Ինչ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ աւելի լայն իրավիճակին, ապա ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ նախարարը կը շարունակեն խորապէս ներգրաւուած ըլլալ: Ձեր նշած գործընթացին հետ կապուած նորութիւններ չունիմ։ Բայց երբ խօսքը կը վերաբերի գերաւարուածներուն, մենք յստակ կը պնդենք, որ ամէն երկիր պէտք է արժանապատիւ վերաբերմունք ցուցաբերէ՝ միջազգային իրաւունքներու օրէնքներուն համապատասխան եւ յարգէ անոնց իրաւունքները», - պատասխանած է Փաթել։