image

Պէյրութ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ՝ «Մասնագիտական զարգացման օր»

Պէյրութ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ՝ «Մասնագիտական զարգացման օր»

Օրերս, Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցած է «Մասնագիտական զարգացման օր» մը՝ նախակրթարանի ուսուցիչներուն համար, որ պատեհ առիթ եղած է մանկավարժներուն՝ մասնագիտական նիւթերու շուրջ խորհրդակցութեան։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը`

18 Փետրուար 2026-ին, Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մասնագիտական զարգացման օր» մը՝ նախակրթարանի ուսուցիչներուն համար։ Դասերը դադրեցան այդ օրը, ինչ որ թոյլ տուաւ մանկավարժներուն իրենց ժամանակը լիովին նուիրելու մասնագիտական աճին եւ մասնագիտական նիւթերու շուրջ խորհրդակցութեան։

Օրը սկսաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագով, որ ծրագիրին տուաւ հոգեւոր խորք մը։

Առաջին նիստը վարեց դպրոցի օրթոֆոնիստ Սարին Պեքէրէճեան՝ «Մանկավարժական Լեզուն եւ Դասարանային Միջավայրի Կառավարումը» խորագրով։ Ծրագիրը կը ներառէր իրական իրավիճակներու վերլուծութիւն, դերային խաղեր եւ աշխատանքային դրութեանց ուսուցում՝ աշակերտներու վարքագիծին արձագանգելու, հանդարտ միջավայր մը ստեղծելու ու պահպանելու եւ դրական ու անվտանգ դպրոցական մթնոլորտ մը խթանելու համար։

Երկրորդ նիստը ներկայացուց դպրոցի հոգեբան Քրիստին Էլ Զէյն։ Անոր ելոյթը կեդրոնացած էր դպրոցներու մէջ մտաւոր առողջութեան եւ յատկապէս stigma-ներու հետեւանքով յառաջացած խնդիրներուն վրայ։ Օրիորդ Էլ Զէյն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս stigma-ներու նուազեցումը կը ստեղծէ տարածք մը, ուր ուսուցիչները եւ աշակերտները կը զգան աջակցութիւն, կը փնռտռեն օգնութիւն եւ կը զարգանան հոգեպէս։ Դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներու բարեկեցութեան նկատմամբ շարունակական յանձնառութեան շրջանակին մէջ, ան ներկայացուց կրթական միջավայրին մէջ stigma-ներու ժխտական ազդեցութիւնը եւ ընդգծեց հոգեբանական ապահովութեան կարեւորութիւնը՝ աճի եւ դիմադրողականութեան խթանման գործին մէջ։


Երկու նիստերն ալ կայացան փոխազդեցիկ դրութեան մէջ։ Ուսուցիչները աշխուժօրէն մասնակցեցան՝ բաժնելով իրենց միտքերը, քննարկելով իրական կեանքի փորձառութիւնները եւ ուղղելով խորիմաստ հարցեր։

Օրուան աւարտին մասնակիցները արտայայտեցին իրենց գոհունակութիւնն ու երախտագիտութիւնը նախաձեռնութեան համար՝ արտայայտելով իրենց ցանկութիւնը, որ նման մասնագիտական զարգացման նիստեր պարբերաբար կազմակերպուին ապագային։