Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսաժողովի ձեւաչափով մասնակցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթայի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հեռավար հանդիպուման, որու ընթացքին տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու ղեկավարներ քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ տարածաշրջանային լարուածութեան նուազեցման հնարաւոր ուղիները։
Քննարկման ընթացքին մասնակիցները միտքեր փոխանակած են ստեղծուած իրավիճակին եւ անոր հանգուցալուծման հնարաւորութիւններուն շուրջ՝ կարեւորելով դիւանագիտական ջանքերու աշխուժացումը։
Վարչապետ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Հայաստան մտահոգութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանին մէջ զարգացող իրադարձութիւններուն՝ յատկապէս նկատի ունենալով, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ներգրաւուած են Հայաստանի համար բարեկամ եւ գործընկեր շարք մը երկիրներ։
Վարչապետը կարեւորած է լարուածութեան նուազեցման եւ իրավիճակի կայունացման ուղղուած դիւանագիտական ջանքերը՝ շեշտելով ճգնաժամի կարելի եղածին չափ շուտ հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղուած բոլոր կառուցողական նախաձեռնութիւններուն։