image

Հակափտածութեան դատարանն Ալեքսանդր Սարգսեանը կալանաւորելու որոշում կայացուցած է

Հակափտածութեան դատարանն Ալեքսանդր Սարգսեանը կալանաւորելու որոշում կայացուցած է

Հակափտածութեան դատարանը Սերժ Սարգսեանի եղբայրը՝ Ալեքսանդր Սարգսեանը կալանաւորելու որոշում կայացուցած է: Տեղեկութիւնը յայտնած են Հակափտածութեան դատարանէն՝ նշելով, որ նախաքննական մարմինը 2026-ի փետրուար 24-ին միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ։

«Նոյն օրը Դատարանը մեղադրեալի գտնուելու վայրը յայտնի չլինելու պայմաններում քննարկելով վերը նշուած միջնորդութիւնը, փախուստը կանխելու հիմքը բարձր գնահատելով բաւարարուել է այն եւ կիրառել կալանքը: Ա.Սարգսեանին յայտնաբերելու եւ ՀՀ իրաւասութեան ներքոյ գտնուելու դէպքում վերջինիս կալանքի հարցը կրկին քնարկուելու է դատարանի կողմից»,- յայտնած են Հակափտածութեան դատարանէն:

Գլխաւոր դատախազութենէն յայտնած են, որ դատախազը Ալեքսանդր Սարգսեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է Քրէական օրէնսգիրքի 46֊256֊րդ յօդուածի 3-րդ մասի 3-րդ կէտով (վստահուած գոյքը յափշտակելուն դրդել): Խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը, յայտարարուած է հետախուզում։

Ալեքսանդր Սարգսեանը կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափերով վատնում կատարելու մէջ, որ տեղի ունեցած է այն ժամանակահատուածին, երբ անոր եղբայրը՝ Սերժ Սարգսեանը, կը զբաղցնէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը։ Ըստ իրաւապահ մարմիններու առաջադրած մեղադրանքի՝ Սարգսեանը 2001-էն 2018-ի ընթացքին օգտագործած է իր ազդեցութիւնը՝ իրենց վստահուած առանձնապէս խոշոր չափերու պետական միջոցները վատնման եղանակով յափշտակելու համար։ Քննչական տուեալներու համաձայն՝ պաշտօնական դիրքի եւ ընտանեկան կապերու շնորհիւ ստեղծուած են պայմաններ, որոնք թոյլ տուած են իւրացնել պետական պիւտճէէն յատկացուած զգալի միջոցներ։