image

Վենս Պաքուի մէջ քննարկած է գերիներու ազատ արձակման հարցը

Վենս Պաքուի մէջ քննարկած է գերիներու ազատ արձակման հարցը

Ճէյ Տի Վենսը Պաքուի մէջ քննարկած է «բանտարկեալներու» ազատ արձակման հարցը։ Այս մասին Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնած է ԱՄՆ փոխնախագահի մամուլի խօսնակը, կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։

«Նախագահ Ալիեւը եւ փոխնախագահ Վենսը քննարկած են նախագահ Թրամփի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նախաձեռնութեան յաջորդ քայլերը։ Անոնք կեդրոնացած են առեւտուրի եւ բարգաւաճման, արհեստագիտութիւններու եւ դիւանագիտական կապերու վրայ, նաեւ խօսած են յաջորդ քայլերու մասին, ներառեալ՝ Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի ուղիի (TRIPP) համար պայմանագիրներու կնքման եւ արտօնութիւններու, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու, ինչպիսիք են բանտարկեալներու ազատ արձակումը, ամերիկեան ներդրումները եւ տարածաշրջանային տնտեսական համարկումը»,– հաղորդած է փոխնախագահի խօսնակը։

Ամերիկեան կողմը, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ ատրպէյճանական կողմէն ի՛նչ արձագանգ եղած է, եւ արդեօք այս հարցով պայմանաւորուածութիւններ գոյութիւն ունին։

Ճէյ Տի Վենսը Երեւանի մէջ թռիչքէն առաջ խոստացած էր Պաքուի մէջ բարձրացնել հայ գերիներու հարցը։