image

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այցելեց Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարը

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այցելեց Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարը

Օրերս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան այցելած է Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճար եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած Սուրբ Ծննդեան քարայրէն ներս ձեռնարկուած վերանորոգման աշխատանքներուն։

Նորին Ամենապատուութեան ընկերացած են Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները։ Ինչպէս ծանօթ է, թէ՛ Սուրբ Ծննդեան տաճարը եւ թէ Սուրբ Երկրի միւս տէրունակոխ վայրերը կը տնօրինուին Հայաստանեայց Առաքելական, Յոյն Ուղղափառ եւ Լատին եկեղեցիներուն կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը  ականատես եղած է Սուրբ Ծննդեան քարայրէն ներս ցարդ կատարուած աշխատանքին։ Հարկ է նշել, որ այս վերանորոգման ծրագիրը կ՚ընթանայ՝ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի կողմէ 2024 թուականին ստորագրուած հրամագրին հիման վրայ։ Գործնական աշխատանքը յառաջ կը տարուի Իտալիայէն «Piacenti» ընկերութեան կողմէ։

Կը նախատեսուի, որ աշխատանքները աւարտին 2026 թուականի օգոստոսին։