Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուի առաջիկայ օրերուն Իրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակումներու զանգուածային շարքի։
Այս մասին լրագրողներուն համար առցանց ճեպազրոյցին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քիրպի։
«Մենք կը կիսուինք նոյն մտավախութիւնները եւ ակնկալիքները, ինչ մեր իսրայէլացի գործընկերները, որ այդ տեղի պիտի ունենայ, հնարաւոր է, այս շաբաթ:
Մենք կը շարունակենք ուշադիր հետեւիլ»,- ըսած է Քիրպի: