image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկահայ գործարար Արթ Զարգարեան մասնակից Սաքրամենթոյի մեծ ծրագրին

Ամերիկահայ գործարար Արթ Զարգարեան մասնակից Սաքրամենթոյի մեծ ծրագրին

«Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք

Հայկական աղբիւրներ այսօր արձագանգ կը հանդիսանան ամերիկահայ գործարար Արթ Զարգարեանի մասին լուրի մը։ Ան կը հանդիսանայ Լաս Վեկասի մէջ հիմնուած «Փեկասուս տեւելոփմընթ» ընկերութեան հիմնադիրն ու գործադիր տնօրէնը։

Զարգարեան իր գործունէութիւնը կը տարածէ դէպի Սաքրամենթօ՝ ներգրաւուելով քաղաքի նոր ֆութպոլի մարզադաշտի կառուցանելու եւ անոր շրջակայ տարածքը վերակազմակերպելու մեծ նախագիծին մէջ։

Ծրագիրը կը նախատեսէ շուրջ 20,000 հանդիսատես տարողութեամբ մարզադաշտի մը կառուցում, ինչպէս նաեւ 31 արտավար հողատարածքի վերածում ժամանակակից քաղաքային կեդրոնի մը՝ համադրելով մարզական, ժամանցային եւ առեւտրական ենթակառոյցներ։ Շինարարութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ ամիսներուն, նպաստելով Սաքրամենթոյի կեդրոնական շրջանի ընդարձակման եւ զարգացման՝ վերակենդանացնելով «Ռէյլեարտս» անունով շրջանը, որ շուրջ կէս դար մնացած էր անմշակ վիճակի մէջ։

«Փեկասուս Տեւելոփմընթ» ընկերութիւնը իր գործունէութիւնը կը զարգացնէ շինարարական տարողունակ ծրագիրներու մէջ, համագործակցելով միջազգային խոշոր կազմակերպութիւններու հետ եւ կեանքի կոչելով ժամանցային, հիւրընկալութեան համալիրներ։

Արթ Զարգարեան մեծ ոգեւորութեամբ կը մասնակցի այս կարեւոր ծրագիրին՝ նշելով, որ իրենց նախորդ փորձառութիւնը կը նպաստէ ո՛չ միայն մարզադաշտի կառուցման, այլեւ շրջանը աշխոյժ քաղաքային միջավայրի վերածելու նպատակին

Զարգարեանի ընկերութիւնը հիմնուած է 2017ին ու ցարդ իրականացուցած միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ բազմաթիւ ծրագիրներ, շարունակելով իր ընդլայնումը Ամերիկայի տարբեր քաղաքներու մէջ։

Արթ Զարգարեան ծնած է Հայաստան, ապա ընտանիքը փոխադրուած է Ամերիկա։