image

Հայ գործընկերները ե՛ւ ԵԱՏՄ-ի, ե՛ւ ԵՄ-ի մէջ գտնուելու հնարաւորութիւն չեն ունենար, ստիպուած պիտի ըլլան ընտրութիւն կատարել․ ԵԱՏՄ պաշտօնեայ

Հայ գործընկերները ե՛ւ ԵԱՏՄ-ի, ե՛ւ ԵՄ-ի մէջ գտնուելու հնարաւորութիւն չեն ունենար, ստիպուած պիտի ըլլան ընտրութիւն կատարել․ ԵԱՏՄ պաշտօնեայ

Հայ գործընկերները ե՛ւ ԵԱՏՄ-ի (Եւրասիական տնտեսական միութիւն), ե՛ւ ԵՄ-ի (Եւրոպական Միութիւն) մէջ գտնուելու հնարաւորութիւն չեն կրնար ունենալ, ստիպուած պիտի ըլլան ընտրութիւն կատարել: Այս մասին ArmeniaSputnik–ին ըսած է ԵԱՏՄ-ի գործարար խորհուրդի գործադիր քարտուղար, Ռուսիոյ արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան գործադիր տնօրէն Սերգէյ Միխնեւիչ։ 

«ԵԱՏՄ-ի անդամակցութեան շնորհիւ Հայաստանի ՀՆԱ-ն (Համախառն Ներքին Արդիւնք) 2015 թուականէն ի վեր, գրեթէ 5 անգամ աւելցած է, երկրի առեւտուրը ԵԱՏՄ-ի ծիրէն ներս 1,8 անգամ շատ է, քան ԵՄ բոլոր երկիրներու հետ միասին հաշուած: 

Եթէ որոշում կայացուի յօգուտ ԵՄ-ի, ապա ԵԱՏՄ-ի կողմէ կը սահմանուին սակագնային պաշտպանութեան բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, եւ առեւտուրի անկումը շատ լուրջ կ'ըլլայ։

Մենք կ'ակնկալենք, որ մեր հայ բարեկամները գործնական մօտենան նման գնահատականներուն»,- նշած է ան։ 

Միխնեւիչ ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ հայ–իրանական «շատ լաւ» առեւտուրին վրայ, եւ որ երկիրները բաւական լիարժէք կ'օգտագործեն իրենց հնարաւորութիւնները, եւ ԵԱՏՄ-էն դուրս ելլելը կ'ազդէ նաեւ անոր վրայ։