image

Ալճերիա. Հրդեհները աղէտ կը բերեն

Ալճերիա. Հրդեհները աղէտ կը բերեն

Ալճերիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ անտառային հրդեհներու հետեւանքով մահացած է առնուազն 65 մարդ: Անոնցմէ 28-ը զինուորականներ են, որոնք եկած էին օգնելու հրշէջներուն՝ պայքարելու տարերային աղէտի դէմ:

Նախագահ Ապտալմաճիտ Թեպունը երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարած է: Այս մասին յայտնած է BBC-ն: 

Մասնագէտները նշած են, որ հրդեհները, որոնք լայն տարածում կը ստանան բարձր ջերմաստիճանի ու քամիներու հետեւանքով, վատագոյնն են երկրի պատմութեան ընթացքին:

Միտումնաւոր հրդեհներ առաջացնելու կասկածանքով քանի մը մարդ ձերբակալուած է: