image

Ալիեւ ընդունած է Պլինքընի օգնականը

Ալիեւ ընդունած է Պլինքընի օգնականը

Մայիս 31-ին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի ուժանիւթի միջոցներու գծով օգնական Ճեֆրի Փայաթը:

Նախօրէին Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Փայաթ Պաքու կը գտնուի մինչեւ 2 յունիս:

Գտնուելով այնտեղ, ան պիտի մասնակցի Պաքուի ուժանիւթի 28-րդ ամենամեայ շաբաթին: Ամերիկացի պաշտօնեան պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի կառավարութեան պաշտօնեաներու հետ՝ քննարկելու ուժանիւթային անվտանգութիւնը եւ վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործումը մեծցնելու հնարաւորութիւնները։