image

Ալիեւի օգնականը ՀՀ-ին «կ՚առաջարկէ» Սահմանադրութեան հարցով հետեւիլ Իրլանտայի օրինակին

Ալիեւի օգնականը ՀՀ-ին «կ՚առաջարկէ»  Սահմանադրութեան հարցով հետեւիլ Իրլանտայի օրինակին

Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջները պէտք է հեռացուին Հայաստանի Սահմանադրութենէն. այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։

Որպէս օրինակ, ան բերած է Իրլանտայի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի նախադէպը։

«Նման բան գործնականին մէջ արդէն տեղի ունեցած է. Հիւսիսային Իրլանտայի հետ կապուած փոփոխութիւններ կատարուած են Իրլանտայի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ։ Իրլանտան պարտաւորուած է փոխել իր Սահմանադրութիւնը եւ ճանչնալ Մեծ Բրիտանիոյ լիակատար ինքնիշխանութիւնը Հիւսիսային Իրլանտայի նկատմամբ», – ըսած է Հաճիեւը։