ԱՄՆ քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնը յայտնած է, որ կը միանայ Ամերիկայի հայ դատի յանձնախմբին (ANCA) եւ իրաւապաշտպաններուն, որոնք կոչ կ՚ընեն Միացեալ նահանգներուն պատասխանատւութեան ենթարկելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպան քաղաքականութեան համար։
ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրենք Փալոնն այս մասին գրառում կատարած է X-ի իր էջին։
«Կը միանամ ANCA-ին եւ իրաւապաշտպաններուն, որոնք ԱՄՆ-ին կոչ կ՚ընեն Ալիեւը պատասխանատւութեան ենթարկելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան դէմ ցեղասպանական քաղաքականութեան համար։ Վաղուց արդէն ժամանակն է, որ Քոնկրեսը քայլեր ձեռնարկէ՝ անոր (Ալիեւի) նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու եւ Ատրպէյճանին անվտանգութեան ոլորտի մէջ հետագայ որեւէ աջակցութիւն կանխարգիլելու ուղղութեամբ», - գրած է Փալոն։