Air France-ի օդանաւը պարտադիր վայրէջք կատարած է
Ֆրանսական Air France օդանաւային ընկերութեան ինքնաթիռը, որ կ'իրականացնէր Փեքին-Փարիզ «AF393» չուերթը, թռիչքի կէսէն վերադարձած է Փեքինի օդակայան:
Պատճառը ինքնաթիռին մէջ կրակի յառաջացումն էր: Մասնաւորապէս, ինքնաթիռի հետնամասին պայթիւնի ձայն լսուած է եւ սկսած է սեւ ծուխ բարձրանալ:
Միջադէպին հետեւանքով տուժողներ չեն եղած: