«Հայաստանն այսօր ամուր ընտրութիւն կատարած է յօգուտ ազատ, անկախ եւ եւրոպական ապագայի»:
Այս մասին գրած է Վրաստանի նախկին նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին:
«Այս պատմական ընտրութիւնը կ՚ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը եւ կ՚ընդգծէ մեր տարածաշրջանի տեղը եւրոպական պետութիւններու ընտանիքի մէջ։ Վրաց ժողովուրդը լիակատար համերաշխութիւն կը յայտնէ»,- նշած է ան: