image

Աղէտալի փլուզում Հալէպի մէջ. Զոհուած է 14 անձ (Լուսանկարներ, Տեսանիւթ)

  Աղէտալի փլուզում Հալէպի մէջ. Զոհուած է 14 անձ (Լուսանկարներ, Տեսանիւթ)

 

 Հալէպի «Շէյխ մաքսուտ» շրջանին մէջ մարդաբնակ շէնք մը փուլ եկած է, խլելով 14 անձի կեանք։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի մասին տեղեկութիւն հաղորդող դիմատետրի էջերէն։

 Կը նշուի նաեւ, որ փլուզման հետեւանքով վիրաւորներու թիւը եղած է 4-ի։

 Աղբիւրներ կը նշեն, որ զոհերուն մէջ եղած են երեխաներ եւ ԱԻՆ մարմիններ մինչեւ լուսաբաց աշխատելով փորձած են փրկարարական աշխատանքներ կատարել  փլուզման վայրին մէջ։

Հալէպի իրաւապահ մարմիններ յայտարարած են-, որ փլուզումը հետեւանք է դէպի շէնքի արմատները հասնող ջրային գիծերու հոսքին, որ պատճառ դարձած է շէնքի սիւներու խարխլման ու ապա շէնքի ամբողջական փլուզման։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ այս առաջին դէպքը չէ, որ կը գրանցուի յետ-պատերազմեան Հալէպի մէջ եւ հիմնական պատճառը Հալէպը  աւերակուած քաղաքի վերածած թշնամական հրոսակներու հարուածներն ու քաղաքին վրայ անխնայօրէն նետուած հրթիռներն են։