ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ երկու երկիրներու միջեւ շարք մը խնդիրներուն լուծումներ գտնելու համատեղ ջանքերը յառաջ տանելու նպատակով:
Հանդիպման ընթացքին, որ կազմակերպած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, մասնաւորապէս, քննարկուած են 2022 թուականի Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յառաջիկայ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները:
«Բովանդակային քննարկումներու ընթացքին, որ ներառած է նաեւ Գրիգորեանի եւ Հաճիեւի առանձնազրոյցը, մասնակիցները քննարկած են քաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հարցերու ամբողջ շրջանակը` որպէս երկու երկիրներու առաջնորդներու եւ Շարլ Միշէլի միջեւ Պրիւքսէլի մէջ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքում ձեռք բերուած փոխըմբռնումներու շարունակութիւն», կ'ըսուի ԵՄ կայքին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ:
Մասնակիցները պայմանաւորուած են կրկին հանդիպել յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին, որպէսզի, ի թիւս այլ հարցերու, շարունակեն քննարկումները 2021 թուականի Դեկտեմբեր 14-ին երկու երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ բարձրացուած հարցերու շուրջ: Նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պիտի անդրադառնան երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի հեռանկարներուն վերաբերող հարցերու: