Իրանը պատասխան հարուածներու 82-րդ փուլի ընթացքին յարձակած է Պահրէյնի, Քուէյթի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գտնուող ԱՄՆ ռազմակայաններուն վրայ։ Այս մասին յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը։
««Ճշմարիտ խոստում - 4» գործողութեան 82-րդ փուլը յաջողութեամբ իրականացուած է ԱՄՆ ռազմակայաններու թիրախներու դէմ՝ Քուէյթի Արիֆճանի մէջ, Սէուտական Արաբիոյ ալ-Խարճի մէջ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ KGL լոճիսթիք պաշտպանական համալիրին դէմ՝ ի պատասխան այդ կեդրոնէն իրանական Խորամշահր քաղաքին վրայ կատարուած յարձակման։
Ոչնչացուած են Patriot ռատարը Պահրէյնի Շէյխ Իսա կայանին մէջ, P-8 հետախուզական օդանաւի կայանատեղին նոյն կայանին մէջ, ԱՄՆ վառելիքի պահեստարանները, MQ-9-ի թաքստոցը եւ անօդաչու թռչող սարքերու արբանեակային կապի ալեհաւաքը Քուէյթի Ալի ալ-Սալեմ կայանին մէջ»,– մէջբերած է յայտարարութեան բնագիրը ISNA գործակալութիւնը։