image
Հրատապ լուրեր:

27 Տարուան համատեղ կեանքէ ետք, Պիլ Կէյթց պիտի ամուսնալուծուի

27 Տարուան համատեղ կեանքէ ետք, Պիլ Կէյթց պիտի ամուսնալուծուի

Microsoft ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյթց եւ անոր կինը՝ Մելինտան, յայտարարած են ամուսնալուծութեան մասին։ Համապատասխան հաղորդագրութիւնը յայտնուած է միլիառատիրոջ թուիթըրեան էջին։

Անոնք հրապարակած են համատեղ յայտարարութիւն, որուն մէջ յայտնած  են, որ հնարաւոր չեն համարեր հետագայ աճը որպէս զոյգ։

Համաձայն յայտարարութեան՝ ամուսինները որոշումն ընդունած են տեւական մտորումներէ եւ յարաբերութիւններու վրայ մեծ աշխատանք կատարելէ ետք։ Անոնք կը շարունակեն համագործակցիլ իրենց ստեղծած Bill & Melinda Gates Foundation բարեգործական հիմնադրամի շրջանակէն ներս։

65-ամեայ Կեյթցն ու 56-ամեայ Մելինտա, որոնք ամուսնացած էին 1994 թուականին, նշած են, որ համատեղ կեանքի 27 տարուան մէջ մեծցուցած են 3 հիանալի երեխաներ եւ ստեղծած են հիմնադրամ, որ ողջ աշխարհի մէջ մարդոց կ'օգնէ ապրիլ առողջ եւ բեղուն կեանքով։

Ինչպէս յայտնի է, Կէյթցը մօտ 130․5 միլիառ տոլար կարողութեամբ 4-րդ տեղը կը զբաղցնէ Forbes-ի վարկածով աշխարհի ամենահարուստ մարդոց ցանկին մէջ։