image

18 համայնք կը պատրաստուի ՏԻՄ ընտրութիւններու, այսօր մեկնարկեց քարոզարշաւը

18 համայնք կը պատրաստուի ՏԻՄ ընտրութիւններու, այսօր մեկնարկեց քարոզարշաւը

25 Սեպտեմբերին Հայաստանի 17 համայնքի մէջ համամասնական ընտրակարգով, իսկ 1 համայնքի մէջ՝ մեծամասնական ընտրակարգով, ընտրութիւններ պիտի կայանան։ Նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի այսօր՝ 31 օգոստոսին, այն պիտի աւարտի քուէարկութեան օրէն մէկ օր առաջ, իսկ 24 սեպտեմբերը լռութեան օր է։

25 Սեպտեմբերին թէժ ընտրութիւններ կը սպասուին Թալինի մէջ, այստեղ տեղական իշխանութիւնը վերցնելու համար կը պայքարի 5 ուժ։ 26 695 ընտրող ունեցող այս համայնքին մէջ, հիմնական պայքարը կ'ընթանայ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագրի» եւ «Ապրելու երկրի» միջեւ։

Թալինի մէջ ընտրութիւններուն կը մասնակցին նաեւ խորհրդարանական «Հայաստան» խմբակցութեան մաս կազմող «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը, նաեւ «Արդար Հայաստան» եւ «Կայունութիւն» կուսակցութիւնները։

23 037 ընտրող ունեցող Սիսիանի մէջ համայնքային իշխանութեան լիազօրութիւնները ստանձնելու համար կը պայքարի 7 քաղաքական ուժ։ Կ'նթադրուի, որ հիմնական պայքարը պիտի ծաւալի  «Քաղաքացիական պայմանագրի», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» եւ «Ապրելու երկրի» միջեւ։

Ընտրական գործընթացները լարուած պիտի ըլլան նաեւ Տաւուշի մարզի 22 454 ընտրող ունեցող Բերդ համայնքին մէջ։ Այստեղ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի երեք ուժ՝ ՔՊ–ն, «Արժանապատիւ սերունդ» եւ «Զօրաւոր համայնք» դաշինքները։

Քաջարանի մէջ, ուր ընդամէնը 6112 ընտրելու իրաւունք ունեցող անձ կայ, մրցակցութիւնը կ'ընթանայ գործող համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեանի, որ հանդէս կու գայ «Դէպի միասնութիւն» դաշինքով, եւ իշխող ուժի թեկնածու՝ Արմէն Առաքելեանի միջեւ, որ ըստ մամուլի հրապարակումներու՝ գործարար է։ 

Քաջարանի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցող միւս ուժը իշխանամերձ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնն է։

Ալավերդի խոշորացուած համայնքին մէջ, ուր 30 519 ընտրող կայ, ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի 4 ուժ, «Քաղաքացիական պայմանագիրը» «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, «Ապրելու երկիրը» եւ «Հայ ազգային կոնգրեսը»։

Իշխանութեան աւագանիի ցուցակը կը գլխաւորէ պատգամաւոր Արէն Մկրտչեանը, որ ծնունդով Ալավերդիէն է։ 

Միւս խոշոր քաղաքը Չարենցաւանն է, որու ընտրողներու թիւը 26 832–ն է։ Այս համայնքին մէջ պիտի պայքարին երեք ուժ, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիրը», «Ապրելու երկիրը» եւ «Միասնական համայնք» դաշինքը։ ՔՊ–ի ընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ Արթուր Գալստեանը։ 

Մեծամասնական ընտրակարգով տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ կը կայանան միայն մէկ համայնքի մէջ՝ Արագածոտնի մարզի Ալագեազ եզտիաբնակ համայնքին մէջ։ Այստեղ նախընտրական քարոզչութիւնը պիտի սկսի 5 սեպտեմբերին։

Այս համայնքին մէջ առաջադրուած է երկու թեկնածու՝ ՔՊ–ական Անզօր Ուռուսեանը եւ համայնքի անկուսակցական ղեկավար Ճասմ Մախմուտովը։

Ընտրութիւններ պիտի կայանան նաեւ Ծաղկահովիտ, Ճամբարակ, Գիւլագարակ, Լոռի Բերդ, Տաշիր, Ակունք, Բիւրեղաւան, Ջրվէժ, Անի, Արենի եւ Եղեգիս համայնքներուն մէջ։