Հիմք ընդունելով ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի՚ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի 4-րդ յօդուածի համաձայն սահմանափակ ժամանակահատուածով Ղազախստանի Հանրապետութիւն ՀԱՊԿ հաւաքական խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու վերաբերեալ որոշումը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խաղաղապահ գործունէութեան մասին պայմանագրի դրոյթներուն համաձայն, ՀՀ զինուած ուժերը ՀԱՊԿ խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ Ղազախստանի Հանրապետութիւն գործուղած են խաղաղապահ ստորաբաժանում (թիւով` 100 զինուոր)։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Առաքելութեան ընթացքին ՀՀ Զինուած Ուժերու խաղաղապահ ստորաբաժանումը պիտի իրականացն բացառապէս ռազմավարական նշանակութեան շէնք-շինութիւններու եւ ենթակառուցուածքներու պահպանութեան գործառոյթներ: